Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեան դարձաւ Սերպիոյ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով առանձինն գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով ոսկի մետալին:
7 կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգսեան:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Պոսնիոյ ներկայացուցիչը:
Սերպիոյ այս միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը ճատրակ խաղացողներ: