Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հաւանութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Նետիմ Սուէյտ» ակադեմիան Լուէյզի վարժարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ) հիւրընկալեց թրի փոյնթի եւ ցուցադրական ներկայացումներու զտումի մրցումները` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներ:
Իւրաքանչիւր դասակարգի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսը:
Մրցումներու աւարտին «Նետիմ Սուէյտ» ակադեմիան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան` լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու այս մրցումները: