Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ հանդիպումը:
Վերջին տարիներուն, նախքան «Քորոնա» ժահրին ի յայտ գալը, երկու կազմերուն միջեւ կատարուած այս ճակատումները միշտ ալ կ՛ըլլային տարեշրջանի զօրաւորագոյն ճակատումներէն մէկը:
Այս տարեշրջանին, սակայն, անիկա արդէն իսկ մնացած է շուքի մէջ` նկատի ունենալով, որ անկէ կը բացակային անուանի խաղացողներ, օտարական պասքեթպոլիստներ եւ ամէնէն կարեւորը… համակիրները:
Վերադառնալով մրցումին` անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին` Ռիատիի յաղթանակով` 123-72 արդիւնքով (17-30, 32-60, 50-100 եւ 72-123):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Զալլում (22 կէտ), ապա յաջորդաբար` Օմար Պապա (15), Ալեքս Քետիքեան (12):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Մանսուր (30 կէտ): Անոր խմբակիցներ Ամիր ՍԷուտ եւ Քարիմ Զէյնուն նշանակեցին 20-ական կէտ:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի վեցերորդը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Սինթիա Ֆլութի եւ Ռիշար Հաժ:
Երէկ տեղի ունեցած այլ մրցում մը վերջ գտաւ Շանվիլի յաղթանակով, որ 102-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պիպլոսը` Ժիպէյլի մէջ:



