Հայաստանի մէջ գտնուող Նետերլանտներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Նիքոլաս Սխերմերս այցելեց Հայաստանի ճատրակի ակադեմիա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակադեմիայի հիմնադիր տնօրէն Սմբատ Լպուտեան դեսպանին ներկայացուց ակադեմիային գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հետ խօսեցաւ ճատրակի վերաբերեալ ընդհանուր նիւթերու շուրջ:
Դեսպանը հետեւեցաւ ակադեմիային մէջ ընթացող Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու ախոյեանութեան մրցումներուն:
Աւարտին քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները: