Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Թոթենհամ:
Մրցումը աւարտեցաւ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին` Մանչեսթըր Սիթիի յաղթանակով. անիկա նուազագոյն հաշուով յաղթեց իր մրցակիցին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Այմերիք Լափորթ` 82-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, Մանչեսթըր Սիթի յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նշենք, որ 50 տարեկան Կուարտիոլայի համար այս տիտղոսը եղաւ 30-րդը` անոր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: