Ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի յառաջապահ Սերտար Ազմունով հետաքրքրուած են իտալական եւ եւրոպական քանի մը ակումբներ, այս գծով երէկ յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ներկայիս 26 տարեկան իրանցի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են Ա. Էս. Ռոմա եւ Աթալանթա:
Կը խօսուի նաեւ Նափոլիի, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Սեւիլլայի մասին:
Եթէ պատահի, որ ան միանայ Ա. Էս. Ռոմային, ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հենրիխ Մխիթարեանը: