Փիւնիկ Երեւանի անձնակազմը, ֆութպոլիստներն ու պատասխանատուները, ակումբի սեփականատէր Արթուր Սողոմոնեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին:
Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցն էր:
Նշենք, որ հայկական այլ ակումբներու ֆութպոլիստներ ալ, որոնց կարգին` Ուրարտու Երեւանի եւ Նոայի մարզիկներ, իրենց կարգին յարգեցին Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը: