Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Նշենք, որ նոյն ժամուն, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, Մթայլեպ կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Աղջկանց տարեշրջանի բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, Հուփս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 70-43 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը: