Մարզական

Ռամոս Վերսկսաւ Իր Փորձերուն`  Իր Խմբակիցներուն Հետ

Ռամոս Վերսկսաւ Իր Փորձերուն` Իր Խմբակիցներուն Հետ

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն իր խմբակիցներուն հետ, այս մասին յայտնեց սպանական «ԱՍ» մարզաթերթը: Յետսապահ Ռամոս վնասուածք ստացած էր Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ եղած միջոցին, այնուհետեւ վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով: Նշուեցաւ, որ այս շաբաթավերջին Օսասունայի դէմ կատարուելիք «Լա Լիկա»-ի մրցումին ան շատ հաւանաբար քիչ ժամանակ ստանայ մրցումին մասնակցելու, սակայն կ՛ակնկալուի, որ Չելսիի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ...

Ֆոնսեքա Շատ Հաւանաբար Նշանակուի  Արսենալի Մարզիչ

Ֆոնսեքա Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Արսենալի Մարզիչ

«Քալչիօ մերքաթօ» կը յայտնէ, որ Ա. Էս. Ռոմայի այժմու գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի յաջորդ ակումբը կրնայ ըլլալ Արսենալը: Նշուեցաւ, որ այնպէս կը թուի, որ այս տարեշրջանի աւարտին ան պիտի հեռանայ հռոմեան ակումբէն: Փորթուգալցիով այժմ շատ մօտէն հետաքրքրուած է լոնտոնեան ակումբը: Կը խօսուի նաեւ ռուսական Սպարտակ Մոսկուայի մասին:  

Տարեշրջանը Աւարտեցաւ  Ռէալ Մատրիտի Յետսապահին Համար

Տարեշրջանը Աւարտեցաւ Ռէալ Մատրիտի Յետսապահին Համար

Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Տանիէլ Քարվախալ վնասուածքի պատճառով մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Մարքա»-ն: 29 տարեկան Քարվախալ մկանային վնասուածք ստացաւ քանի մը օր առաջ, Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին: Նախնական տուեալներով, անոր վերադարձը կ՛ակնկալուի յուլիսին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ ընդամէնը կատարեց 15 մրցում...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ Եւ Ֆէոնիքս Սանզ  Եւս Ապահովեցին Փլէյ Օֆ-ի  Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ Եւ Ֆէոնիքս Սանզ Եւս Ապահովեցին Փլէյ Օֆ-ի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ չորսի: Նախանցեալ օր իրենց տոմսերը ապահոված էին Պրուքլին Նեթց եւ Եութա ճեզ: Երէկ անոնց եկան միանալու Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ եւ Ֆէոնիքս Սանզ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ` 56-90.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ` 56-90.

- Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 90-56 արդիւնքով (16-13, 25-38, 39-69 եւ 56-90): ՀՄԸՄ-էն 14-ական կէտ նշանակեցին Քարլ Զալլում եւ Քարիմ Ժատայել, մինչ...

Զէյտ Խիամի-Փիեռ Ժալըխ Հանդիպում

Զէյտ Խիամի-Փիեռ Ժալըխ Հանդիպում

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին նախարարութեան շէնքին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխը: Անոնք քննարկեցին լիբանանեան մարզական կեանքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ այս հանդիպումը նկատեցին կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ասով փաստուեցաւ նախարարութեան եւ ողիմպիական կոմիտէին միջեւ եղող փոխյարաբերութեան ամուր կապը, որ պիտի շարունակէ գոյատեւել յառաջիկայ տարիներուն...

Արժանթինեան Ֆութպոլի Ակումբը Իր Մրցումը  Կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին  Նուիրուած Մարզաշապիկով

Արժանթինեան Ֆութպոլի Ակումբը Իր Մրցումը Կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Մարզաշապիկով

Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մէկ մրցումին, Տեփորթիւօ Արմենիոյի ֆութպոլիստները Քոլեխիալեսի դէմ իրենց մրցումը կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նուիրուած մարզաշապիկ հագած: Մարզաշապիկներուն վրայ զետեղուած էին Հայաստանի դրօշին գոյներով բռունցք, Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ եւ 106 թիւը: Ֆութպոլիստներու անուններուն փոխարէն գրուած էր «Արմենիա», իսկ ներսի բաժինին մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը: Այս մրցումը աւարտեցաւ Տեփորթիւոյի...

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Ա. Էս. Ռոմա

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Ա. Էս. Ռոմա

«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի ճակատումները տեղի կ՛ունենան, այսօր` հինգշաբթի, 29 ապրիլին: Կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերէն երկուքը անգլիական են: Առաջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Ա. Էս. Ռոման, մինչ երկրորդը` Վիարէալն ու Արսենալը: Անոնց երկուքին ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Յիշատակելի պիտի ըլլայ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ կատարուելիք մրցումը, ուր իտալական խումբին մաս կազմող...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ազատ Ոճի Երկու Ըմբիշ Կը Մասնակցի  Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքին

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Երկու Ըմբիշ Կը Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին կը մասնակցի երկու մարզիկով: Թոքիօ-2020-ի համար վարկանշային վերջին մրցաշարքին Հայաստանի ազատ ոճի երկու ըմբիշները պիտի ըլլան Արման Անդրէասեան (74 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ): Նշենք, որ նախքան անոնց անուններուն հրապարակուիլը, յստակացած էր նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն կազմը` Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարէն...

Ասթանա Բարսեղեանի Կոլին Շնորհիւ  Յաղթանակ Արձանագրեց

Ասթանա Բարսեղեանի Կոլին Շնորհիւ Յաղթանակ Արձանագրեց

Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա, որուն կազմին մէջ հանդէս կու գան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Վարազդատ Հարոյեանն ու Տիգրան Բարսեղեանը, հիւրընկալեց Աքժայիքը: Հայրենի երկու ֆութպոլիստներն ալ ամբողջ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին: Մրցումը վերջ գտաւ Ասթանայի յաղթանակով. անիկա նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` շնորհիւ 6-րդ վայրկեանին միջնապահ Բարսեղեանի նշանակած կոլին: Իր արձանագրած այս...

Մարսէյ Արհեստավարժ Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Մանուէլ Նազարէթեանին

Մարսէյ Արհեստավարժ Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մանուէլ Նազարէթեանին

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող ֆութպոլի ակումբներէն Մարսէյ մտադիր է արհեստավարժ պայմանագրութիւն մը առաջարկել իր ֆութպոլիստին` Մանուէլ Նազարէթեանին: Նշուեցաւ, որ բերդապահ Նազարէթեան, որ հանդէս կու գայ Մարսէյի երկրորդ խումբին հետ, շուտով կրնայ միանալ Մարսէյի հիմնական կազմին, այսինքն ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգին  («Լիկ-1») մէջ:  

Կարէն Գիլոյեան Պուլկարիոյ Մէջ Ներկայ  Պիտի Գտնուի Ողիմպիական Խաղերու  Վարկանշային Միջազգային Մրցաշարքին

Կարէն Գիլոյեան Պուլկարիոյ Մէջ Ներկայ Պիտի Գտնուի Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան շուտով պիտի ուղղուի Պուլկարիա` ներկայ գտնուելու համար ողիմպիական խաղերու վարկանշային միջազգային մրցաշարքին: «Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան 5-9 մայիսին պիտի գործուղուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա` ներկայ գտնուելու համար ողիմպիական խաղերու վարկանշային միջազգային մրցաշարքին», այս մասին յայտնեց կառավարութեան պաշտօնական կայքը:

Նանթ Երեք Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց  19 Տարեկան Գոռ Մանուէլեանի Հետ

Նանթ Երեք Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց 19 Տարեկան Գոռ Մանուէլեանի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Նանթ խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, ու ակումբը երեք տարուան արհեստավարժ պայմանագրութիւն մը կնքեց իր 19 տարեկան ֆութպոլիստին` յառաջապահ-միջնապահ Գոռ Մանուէլեանի հետ: «Շատ ուրախ եմ, որ Նանթի հետ իմ առաջին արհեստավարժ պայմանագրութիւնս ստորագրեցի: Ակումբին ղեկավարութեան շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի հանդէպ ունեցած վստահութեան համար: Ասիկա երկար ճամբուս սկիզբն է», ըսաւ Մանուէլեան: Գոռ Մանուէլեան, որ Նանթի...

«Եուրոփա Լիկ».  Աւարտական Մրցումին Ներկայ  Կրնայ Գտնուիլ 10 Հազար Հանդիսատես

«Եուրոփա Լիկ». Աւարտական Մրցումին Ներկայ Կրնայ Գտնուիլ 10 Հազար Հանդիսատես

Անգլիական «Տը Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն աշխատանք կը տանի, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը ամէն գնով կայացնելու... համակիրներու ներկայութեան: Լեհաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկումներէն ետք, կ՛ենթադրուի, որ աւարտական մրցումին արտօնուի շուրջ տասը հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս գծով վերոնշեալ կազմակերպութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ վաղը` ուրբաթ, 30 ապրիլին: Այս մրցաշարքի աւարտական մրցումը...

Ժուլիան Նակելսման Նշանակուեցաւ  Պայէրն Միւնիխի Մարզիչ

Ժուլիան Նակելսման Նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի Մարզիչ

Գերմանական Լայփցիկի գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսման, այս տարեշրջանին աւարտին պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով Հանս Տիեթըր Ֆլիքը: Վերջինս, որ պիտի հեռանայ Պայէրնէն, շատ հաւանաբար է, նշանակուի Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան գերմանացի Նակելսման Գերմանիոյ գործող ախոյեանին հետ պիտի ստորագրէ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 25 միլիոն եւրոյի: Ան Լայփցիկէն առաջ Հոֆընհայմի մարզիչն...

«Էն. Պի. Էյ.».  Պրուքլին Նեթց Եւս Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.». Պրուքլին Նեթց Եւս Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պրուքլին Նեթց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտին վրայ 116-113 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը` արեւելեան շրջանէն: Նշենք, որ արեւմտեան շրջանէն Եութա Ճեզ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:  

Փինկ Փոնկ.  Լոռի Եահնէեան Մաս Կազմեց Լիբանանի  15-17 Տարեկան Կրտսերներու Ազգային Խումբին

Փինկ Փոնկ. Լոռի Եահնէեան Մաս Կազմեց Լիբանանի 15-17 Տարեկան Կրտսերներու Ազգային Խումբին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն Լա Սալ ակումբին մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց տարիքային տարբեր դասակարգերու զտումի մրցումները: Դասուած այս մարզիկները զտումի մրցումներուն մասնակցեցան, որպէսզի կազմուին Լիբանանի տարբեր տարիքային ազգային խումբերը: 15-17 տարեկան դասակարգին մէջ, իր ունեցած բացառիկ ելոյթներուն եւ տպաւորիչ խաղարկութեան շնորհիւ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լոռի Եահնէեան, որ անդամ է...

Լիբանանեան Պասքեթրոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ` 59-43

Լիբանանեան Պասքեթրոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ` 59-43

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ: Այս մրցումը, որ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 59-43 արդիւնքով: Նշենք, որ այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար հանդիսացաւ տարեշրջանի առաջինը:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ- Զամալեք Պէյրութ` 0-4

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 25 ապրիլին, Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Զամալեք Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Զամալեքի յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0): Այս հանգրուանէն ետք, այժմ դասաւորման պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.   ԿԷՏ 1.- ՀՄՄ 13 (14-10) 2.- Զամալեք Պէյրութ 8 (11-9) 3.- Շապապ Մաժտալ Այնճար 7 (7-4) 4.- Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Անսար Հանդիսացաւ Լիբանանի  2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեան

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Հանդիսացաւ Լիբանանի 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեան

Շաբաթ, 24 ապրիլին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը, երբ Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անսար-Նըժմէ սպասուած ճակատումը: Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալու համար Անսար պէտք ունէր հաւասարութեան մը, մինչ Նըժմէ` յաղթանակի: Սակայն մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Անսար, որ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` 14-րդ անգամ ըլլալով: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Նըժմէէն Հիւսէյն Աուատա, մինչ...

Page 511 of 1279 1 … 510 511 512 … 1,279

Արխիւներ