Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ` Լուիս Սուարեզ, ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, կազմ ու պատրաստ է իր կազմին կատարելիք յաջորդ մրցումին:
34 տարեկան ֆութպոլիստը մկանային վնասուածքի պատճառով բացակայեցաւ իր կազմին կատարած վերջին մրցումներէն:
Նշենք, որ ուրուկուէյցին այս տարեշրջանին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն կատարեց 32 մրցում եւ նշանակեց 19 կոլ: