Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պէյրութի յաղթանակով, 81-47 արդիւնքով:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ մրցումին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ապրիլեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ Ժաք Պոյաճեանի եւ Դրօ Մանտալեանի յիշատակը:
Այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիասին մաս կազմող մարզիկներն են.
Մեղրի Թորոսեան (խմբապետ), Նենսի Մաալուֆ, Եասմինա Ռիֆահի, Քաթերին Հաժժար-Պուտաքեան, Ալին Թանկուքեան, Եարա Ամմաշ, Մարիա Մրատ, Մարիան Քելենճեան, Սապին Ալի, Անիթա Պու Սլէյման, Ռանա Սաֆի, Լէա Ասատուրեան եւ Մարիպել Շահիա:
Խումբին մարզիչն է Ռապիհ Ֆրանսիս, իսկ օգնական մարզիչը` Արամ Աբրահամեան:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան պասքեթպոլի ներկայացուցիչն է Լարա Շահպազեան:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 26 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), երեկոյեան ժամը 19:00-ին: