Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Եուվենթուս մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս արդէն իսկ սկսած է իր բանակցութիւններուն Մխիթարեանի ներկայացուցիչին հետ, սակայն հայրենի ֆութպոլիստը իր ապագային գծով ցարդ ոչինչ կը յայտնէ:
Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ ամառ, եւ այժմ ան կրնայ բանակցիլ իր նախասիրած խումբին հետ:
Այս տարեշրջանին Մխիթարեան իր ակումբին հետ ցարդ նշանակած է 11 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: