Մարզական

Ըմբիշներ Պապիկեան Եւ Ալիխանեան Հանդիսացան  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիրներ

Ըմբիշներ Պապիկեան Եւ Ալիխանեան Հանդիսացան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիրներ

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի երկու անդամներ, երէկ հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիրներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արդարեւ, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան (23 տարեկանէն վար) 61 քկ դասակարգին մէջ, Ռազմիկ Պապիկեան աւարտականին 6-1 արդիւնքով պարտուեցաւ իր վրացի մրցակիցէն: Իր կարգին, Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն պարտուեցաւ իր...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալաշկերտ Պարտուեցաւ Վանէն. Արարատեան  Տերպին Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Պարտուեցաւ Վանէն. Արարատեան Տերպին Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արարատեան տերպիին Արարատ-Արմենիա, որ հիւրընկալեց Արարատը, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւրընկալ կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ալեքսանտր Կարապետեան` 75-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Արարատ-Արմենիա (22 մրցում) 38 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը գերազանցելով Արարատը (21 մրցում): Չարենցաւանի մէջ, Վան, որ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, արձանագրեց 3-1...

Հայրենի Կռփամարտիկները   Սկսան Երեւանեան Հաւաքին

Հայրենի Կռփամարտիկները Սկսան Երեւանեան Հաւաքին

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի հաւաքականը սկսաւ իր ուսումնամարզական վերջին հաւաքին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքէն առաջ: Օլիմփիաւանի մէջ երկու շաբթուան այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ մարզիչներ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Կարէն Ղազարեանի եւ Սամուէլ Սողոմոնեանի գլխաւորութեամբ: Հաւաքին կը մասնակցին 21 մարզիկներ, որոնցմէ եօթն` Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63 քկ),...

Պենզեմա Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ  Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պենզեմա Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Աշխարհի ֆութպոլի գործող ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Տիտիէ Տեշան կը մտածէ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեման ազգային խումբ վերադարձնելու մասին: «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներէն առաջ, ֆրանսացի մասնագէտը ամէն գնով կ՛ուզէ զօրացնել իր յարձակողական գիծը, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական հռչակաւոր մարզական օրաթերթը` «Լ՛Էքիփ»-ը: Վերջերս, 33 տարեկան Պենզեմա ճանչցուեցաւ իբրեւ արտասահմանի մէջ հանդէս եկող տարուան լաւագոյն...

Թոնի Քրուս Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի  Կատարելիք Տարեշրջանի Վերջին Մրցումէն

Թոնի Քրուս Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Կատարելիք Տարեշրջանի Վերջին Մրցումէն

Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող գերմանացի միջազգային յառաջապահ Թոնի Քրուս վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով: Նշուեցաւ, որ նախորդ 14 մայիսին ան ինքնամեկուսացուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ շփում ունեցած է այդ ժահրով վարակուած անձի մը հետ: Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր կազմին կատարելիք տարեշրջանի վերջին մրցումին: Շաբաթ, 22 մայիսին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա»)...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկարաձգեց  Տրեքսլըրի Պայմանագրութիւնը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկարաձգեց Տրեքսլըրի Պայմանագրութիւնը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց գերմանացի միջնապահ Ժուլիըն Տրեքսլըրի հետ: 27 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024: Տրեքսլըր, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ հանդէս կու գայ 2017-էն ի վեր, մինչեւ յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց...

Ռոպերթօ Մանչինի Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Իտալիոյ Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Հետ

Ռոպերթօ Մանչինի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ

Իտալական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ: Նշուեցաւ, որ 56 տարեկան իտալացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026: Այսպիսով, ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2026-ի Մոնտիալին աւարտը, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ: Նշենք, որ ան իր պաշտօնը...

Հերի Քէյն Որոշեց  Հեռանալ Թոթենհամէն

Հերի Քէյն Որոշեց Հեռանալ Թոթենհամէն

Լոնտոնեան Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյն որոշեց փոխել իր ակումբը, այս մասին յայտնեց անգլիական «Սքայ Սփորթց» լրատու գործակալութիւնը: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Քէյն իր այս որոշումին մասին տեղեակ պահեց իր ակումբին ղեկավարութիւնը: Նշուեցաւ, որ Քէյն արդէն իսկ առաջարկներ ստացած է Մանչեսթըր Եունայթըտէն, Մանչեսթըր Սիթիէն եւ Չելսիէն: Հակառակ անոր որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ լքել իր ակումբը, սակայն ան կը...

Թենիս.  Կարէն Խաչանովի  Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ֆրանսական Լիոն քաղաքին մէջ սկսած թենիսի «Էյ. Թի. Փի.-250»-ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամեն Պոնզին: 2 ժամ եւ 21 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, հայազգի մարզիկը արձանագրեց 6-1, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը: Բ. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լեհաստանի ներկայացուցիչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պիպլոս` 63-72

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պիպլոս` 63-72

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիսին ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը: Մրցումը վերջ գտաւ ժիպէյլեան կազմին յաղթանակով` 72-63 արդիւնքով (17-19, 31-28, 45-55 եւ 63-72): Հիւր կազմը երրորդ քորթըրին է, որ յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել ՀՄԸՄ-ի վրայ` ունենալով տասը կէտի առաւելութիւն մը: Մրցումին իրաւարարներն էին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 68-63

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 68-63

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Հուփսի յաղթանակով, 68-63 արդիւնքով (11-13, 34-35, 50-46 եւ 68-63): Ինչպէս նկատելի է, մրցումին անկիւնադարձային քորթըրը եղաւ երրորդը, ուր հիւրընկալ կազմը ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը, եւ մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ իրեն` 5...

Մարիօ Քեմփես. «Ուշ Կամ Կանուխ Հայկական  Ֆութպոլը Յառաջընթաց Պիտի Արձանագրէ»

Մարիօ Քեմփես. «Ուշ Կամ Կանուխ Հայկական Ֆութպոլը Յառաջընթաց Պիտի Արձանագրէ»

1978-ին իր երկրին` Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Մարիօ Քեմփես երէկ այցելեց Ուրարտու Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիան: Ան շրջագայեցաւ անոր տարբեր բաժանմունքները, ծանօթացաւ ակադեմիայի ղեկավարութեան հետ եւ ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց հոն մարզուող պատանի ֆութպոլիստներուն: «Նման փոքր պետութեան մը համար Ուրարտուն իսկապէս լաւ պայմաններ ունի: Ինծի յայտնեցին, որ այստեղ կը մարզուին շուրջ 900 պատանիներ, որոնց կարգին` նաեւ աղջիկներ:...

Ըմբիշներ Արման Անդրէասեան Եւ Արման Աւագեան  Հանդիսացան Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիրներ

Ըմբիշներ Արման Անդրէասեան Եւ Արման Աւագեան Հանդիսացան Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիրներ

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի անդամներ Արման Անդրէասեան (70 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ) երէկ հանդիսացան Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրներ: Սքոփյէի մէջ (Մակեդոնիա) տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Անդրէասեան, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ ուքրանացի Տենիս Պորոհանի դէմ, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ Աւագեան իր յաղթանակը արձանագրեց վրացի Կոկա Մամիարուի...

Միհրան Յարութիւնեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Ուրարտու Երեւանի Կատարած Փորձերուն

Միհրան Յարութիւնեան Ներկայ Գտնուեցաւ Ուրարտու Երեւանի Կատարած Փորձերուն

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Միհրան Յարութիւնեան, երէկ յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Ուրարտու Երեւանի ֆութպոլի ակումբ եւ ներկայ գտնուեցաւ ֆութպոլիստներուն կատարած փորձերուն: Ակումբին ղեկավարութեան կողմէ անոր յանձնուեցաւ յատուկ անուանական մարզաշապիկ մը: Այս հանդիպումին ընթացքին Յարութիւնեան ակումբին ֆութպոլիստներուն մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով:

Անգլիական Ֆութպոլ.  Հայ Ֆութպոլիստը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Պլեքպըրնի  Աղջկանց Խումբին Տարեշրջանի Լաւագոյն Խաղացողը

Անգլիական Ֆութպոլ. Հայ Ֆութպոլիստը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Պլեքպըրնի Աղջկանց Խումբին Տարեշրջանի Լաւագոյն Խաղացողը

Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Պլեքպըրնի 17 տարեկան հայ ֆութպոլիստ Մարիա Էտուըրտծ ճանչցուեցաւ իբրեւ իր ակումբին այս տարեշրջանի լաւագոյն երիտասարդ խաղացողը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աւարտած այս ախոյեանութեան, Պլեքպըրն իր կատարած 20 մրցումէն ապահովելով 18 կէտ, գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը, իսկ Էտուըրտծ նշանակեց 2 կոլ: Նշենք, որ հայ ֆութպոլիստը Մանչեսթըր Եունայթըտէն փոխ տրուած է Պլեքպըրնի:...

Ճատրակ.  Հայրենի Խաղացողները  Հաւաք  Կը Կատարեն Ծաղկաձորի Մէջ

Ճատրակ. Հայրենի Խաղացողները Հաւաք Կը Կատարեն Ծաղկաձորի Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող շարք մը ճատրակ խաղացողներ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքէն առաջ, անոնք կը պատրաստուին այդ հաւաքին: Ներկայիս այս հաւաքին կը մասնակցին Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Շանթ Սարգսեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:

Ռուսական Ֆութպոլ.  Էդուարդ Սպերցեան Կերտեց  Իր Կազմին Յաղթանակը

Ռուսական Ֆութպոլ. Էդուարդ Սպերցեան Կերտեց Իր Կազմին Յաղթանակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 42-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար-2, որ հիւրընկալեց Վոլկարը, արձանագրեց նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց 20 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան: Հայազգի ֆութպոլիստը, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 5-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը: Սպերցեան, որ ցարդ նշանակած է 16 կոլ, ռմբաձիգներու դասաւորման մէջ կը...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պարսելոնա Տիրացաւ Տիտղոսին

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Տիրացաւ Տիտղոսին

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի խումբը դարձաւ պատմութեան առաջին ակումբը, որուն տղոց եւ աղջկանց կազմերը տիրացան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, այս մասին յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը: Արդարեւ, աղջկանց աւարտական մրցումին, Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթեց Չելսիին եւ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Նշենք, որ նախորդ հինգ տարեշրջաններուն տիտղոսակիր դարձած էր ֆրանսական Լիոնը: Աղջկանց այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2001-էն ի...

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալ Տիտղոսակիր` Հռոմի Մէջ

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալ Տիտղոսակիր` Հռոմի Մէջ

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Հռոմի «Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչին: 2 ժամ 49 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, սպանացին յաղթեց 7-5, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Նշենք, որ անոնց երկուքին միջեւ այս ճակատումը եղաւ 57-րդը, իսկ 6-րդ աւարտականի մրցումը`...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Լայսթըր Սիթի Առաջին Անգամ Ըլլալով Բաժակակիր

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լայսթըր Սիթի Առաջին Անգամ Ըլլալով Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Չելսի եւ Լայսթըր Սիթի: Պրենտըն Ռոճըրզի գլխաւորած կազմը` Լայսթըր Սիթի, նուազագոյն հաշուով յաղթելով «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտականին իր տոմսը ապահոված լոնտոնեան Չելսիին, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Նշենք, որ Լայսթըր Սիթի նախապէս չորս անգամ (1948-1949, 1960-1961, 1962-1963, 1968-1969) հասած էր...

Page 506 of 1279 1 … 505 506 507 … 1,279

Արխիւներ