Հայաստանը ներկայացնող շարք մը ճատրակ խաղացողներ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքէն առաջ, անոնք կը պատրաստուին այդ հաւաքին:
Ներկայիս այս հաւաքին կը մասնակցին Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Շանթ Սարգսեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: