Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Չելսի եւ Լայսթըր Սիթի:
Պրենտըն Ռոճըրզի գլխաւորած կազմը` Լայսթըր Սիթի, նուազագոյն հաշուով յաղթելով «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտականին իր տոմսը ապահոված լոնտոնեան Չելսիին, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նշենք, որ Լայսթըր Սիթի նախապէս չորս անգամ (1948-1949, 1960-1961, 1962-1963, 1968-1969) հասած էր աւարտականին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պելճիքացի Եուրի Թիելեմանս` 63-րդ վայրկեանին: