Մարզական

Թենիս.  Սիմոնա Հալեփ Բացակայ`  «Ռոլան Կարոս»-էն

Թենիս. Սիմոնա Հալեփ Բացակայ` «Ռոլան Կարոս»-էն

Աշխարհի աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռումանացի Սիմոնա Հալեփ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին: Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ վիրաւոր Հալեփ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի բացակայի այս մրցաշարքէն: Նշենք, որ այս մրցաշարքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 մայիսէն 12 յունիս:  

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի  Յաղթական Մեկնարկը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, երբ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուեցան չորս մրցումներ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Մարժապայի դէմ, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմին կոլերը նշանակեցին Շանթ Պալեան(13-րդ), Վաչէ Ղուկասեան (18-րդ եւ 37-րդ) եւ Սերժ Մելիքեան (30-րդ): Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ,...

Մասնակցութեամբ 1031  Երկսեռ Վազողներու`  Պէյրութի Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Աղջկանց 21 Քմ-ի Վազքի Մրցումը

Մասնակցութեամբ 1031 Երկսեռ Վազողներու` Պէյրութի Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց 21 Քմ-ի Վազքի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, երէկ` կիրակի, 23 մայիսին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց 21 քմ-ի (մրցանակային), ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց 21 քմ-ի (ոչ մրցանակային) վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ 1031 երկսեռ վազողներու: Աղջկանց վազքի մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտեան ժամ 6:30-ին, Լիբանանի քայլերգով: Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ-հիմնադիր` Մէյ Խալիլ, վազողներուն իր ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ«Այսօր կու գանք բոլորին ըսելու, որ Լիբանան...

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Եւ Հրաչեայ Պօղոսեան`  Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար  Ախոյեանութեան Ախոյեաններ

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Եւ Հրաչեայ Պօղոսեան` Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Ախոյեաններ

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին կը հասնի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը: Երէկ, 72 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան, որ աւարտականին մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Քուլիքի դէմ, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով եւ արձանագրելով 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ նախքան աւարտականին հասնիլը, Ամոյեան արձանագրեց այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը ազրպէյճանցի Խասայ Հասանլիի դէմ,...

Հենրիխ Մխիթարեան Տարեշրջան Մը  Եւս Կ՛ուզէ Մնալ Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան Տարեշրջան Մը Եւս Կ՛ուզէ Մնալ Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Իտալական հանրածանօթ «Քալչիօ մերքաթօ» լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ տարեշրջան մը եւս մնալ իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ: Նշուեցաւ, որ Մխիթարեանի փոխանցման գործերով զբաղող իտալացի Մինօ Ռայոլայի եւ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ այս լուրը: Այս ամառ, Մուրինիօ պիտի ստանձնէ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով փորթուգալցի...

Ֆերնանտօ Հիերօ Հասաւ Հայաստան

Ֆերնանտօ Հիերօ Հասաւ Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաւէրով, երէկ Հայաստան հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եռակի տիտղոսակիր, փորձառու յետսապահ Ֆերնանտօ Հիերօ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յառաջիկայ օրերուն ան դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ մարզիչներու համար կազմակերպուած յատուկ համաժողովին ընթացքին: Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք, Հիերօ կը զբաղի մարզչական...

«Պունտըսլիկա».  Սարգիս Ադամեան Կոլի Հեղինակ`  Վերջին Հանգրուանի Մրցումին

«Պունտըսլիկա». Սարգիս Ադամեան Կոլի Հեղինակ` Վերջին Հանգրուանի Մրցումին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հոֆընհայմ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հերթա Պերլինին: Ադամեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, 49-րդ վայրկեանին: Ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր երկրորդ կոլը: Անոր կազմը տարեշրջանը աւարտեց 11-րդ դիրքին վրայ` 43 կէտով: Ախոյեան Պայէրն...

«Լա Լիկա».  Աթլեթիքօ Մատրիտ Հանդիսացաւ  2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեան

«Լա Լիկա». Աթլեթիքօ Մատրիտ Հանդիսացաւ 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը կ՛ընթանար մատրիտեան երկու կազմերու` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Առաջինին պարագային յոյսերը աւելի շատ էին` նկատի ունենալով, որ անիկա ունէր երկու կէտի առաւելութիւն մը: Թէեւ երկու կազմերն ալ վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին, սակայն 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան դարձաւ Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը` Աթլեթիքօ...

Յակոբ Խաչերեան. «Աշխատանք Պիտի Տանինք  Սուրիոյ Պասքեթպոլը Վերադարձնել  Իր Անցեալի Փառքի Օրերուն»

Յակոբ Խաչերեան. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Սուրիոյ Պասքեթպոլը Վերադարձնել Իր Անցեալի Փառքի Օրերուն»

Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին, անդամներուն եւ այլ պատասխանատու անձերու  հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, անդրադառնալով այս մարզը յուզող հարցերուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Գործակցաբար` Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ եւ ամէն ձեւով աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ պասքեթպոլը վերադարձնելու իր անցեալի փառքի օրերուն եւ արաբական գետնի վրայ անոր ներկայութիւնը...

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մարժապա

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մարժապա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 22 մայիսին, երբ կը կատարուին Ա. հանգրուանի մրցումները: Այսօր իր մրցումներուն կը սկսի նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կազմը, որ իր առաջին ճակատումը կը կատարէ Մարժապայի դէմ: Անոնց միջեւ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: Մարժապայէն բացի,...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան  Դաւիթ Օւասապեան Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Դաւիթ Օւասապեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 130 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Օւասապեան իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Հայրենի ըմբիշը կիսաւարտականին իր կատարած ճակատումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 9-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով զուիցերիացի իր մրցակիցը: Աւարտականին Օւասապեան պիտի մրցի ռուս Միհայիլ Լափթեւի դէմ: Նշենք, որ աւարտական հանգրուան...

Էտկար Բաբայեան` Կոլի Հեղինակ

Էտկար Բաբայեան` Կոլի Հեղինակ

Լաթվիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Էտկար Բաբայեան իր կազմին` Ռիկայի հետ դարձաւ կոլի հեղինակ: Անոր կազմը, որ հիւրը եղաւ Նոա Ժուրմալայի, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: 25 տարեկան միջնապահը իր կոլը նշանակեց 61-րդ վայրկեանին: 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, երկրի գործող ախոյեան Ռիկա այժմ 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը:  

«Լա Լիկա».  Այսօր Կը Յստականայ 2020-2021  Տարեշրջանի Ախոյեանին Անունը

«Լա Լիկա». Այսօր Կը Յստականայ 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեանին Անունը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, այսօր կը յստականան 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանի եւ Բ. դասակարգ փոխադրուող խումբերուն անունները: Վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ ունի 83 կէտ, մինչ անոր ետին գտնուող Ռէալ Մատրիտ` 81 կէտ: Ինչպէս ծանօթ է, Պարսելոնա (3-րդ), որ ունի 76 կէտ, դուրս մնացած է ախոյեանութեան պայքարէն:...

Սերճիօ Ակուերօ 2 Տարուան  Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ Պարսելոնայի Հետ

Սերճիօ Ակուերօ 2 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Պարսելոնայի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ քաթալոնական Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան Ակուերօ շուտով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Պարսելոնայի հետ` նկատի ունենալով, որ ան մանչեսթըրեան ակումբը տեղեակ պահած է, որ չ՛ուզեր մաս կազմել անոր: Անոր պայմանագրութիւնը Սիթիի հետ կ՛աւարտի 30 յունիսին: Նշենք, որ...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ երէկ տօնեց իր ծննդեան 25-րդ տարեդարձը, յաջողեցաւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել, երբ Լիոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին յաղթեց ֆրանսացի իր մրցակիցին` Ռիշար Կասքէին: Անոնց միջեւ, 1 ժամ եւ 26 վայրկեան տեւած ճակատումին Խաչանով արձանագրեց 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք,...

Կիրակի, 23 Մայիսին  Աղջկանց Վազքի Մրցում`  Պէյրութի Շրջանին Մէջ

Կիրակի, 23 Մայիսին Աղջկանց Վազքի Մրցում` Պէյրութի Շրջանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, կիրակի, 23 մայիսին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղջկանց վազքի մրցում մը` «Ես քու հետդ եմ» խորագիրով: Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ երկու բաժինէ: Առաջինին, տեղի պիտի ունենայ 10 քմ-ի վազք, որ յատկացուած պիտի ըլլայ աղջիկներու (մրցանակային): Երկրորդին, որ պիտի ըլլայ 21 քմ, թէեւ կրնան մասնակցիլ տղաքն ու աղջիկները,...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ 5-1 Արդիւնքով Յաղթական  Վերադարձաւ Գիւմրիէն

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ 5-1 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Գիւմրիէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շիրակ Գիւմրի, որ հիւրընկալեց Փիւնիկ Երեւանը, անկէ կրեց 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Առաջին կիսախաղին երեւանեան կազմը յաջողեցաւ նշանակել երեք անպատասխան կոլ: Այս մրցումէն ետք, այժմ Փիւնիկ 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, մինչ Շիրակ 13 կէտով` դասաւորման 9-րդ դիրքը:  

Աբրահամ Խաշմանեան  Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Աբրահամ Խաշմանեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ալեքսանտր Գրիգորեան նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ: Ալաշկերտի ղեկավարութիւնը իր գումարած ժողովին ընթացքին որոշեց երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզել պայմանագրութիւնը Աբրահամ Խաշմանեանի եւ անոր մարզչական խմբակին հետ: Ակումբին հիմնադիր-սեփականատէր Բագրատ Նաւոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիչներուն միացեալ աշխատանքին համար եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն:  

Եուվենթուս` Իտալիոյ Բաժակակիր

Եուվենթուս` Իտալիոյ Բաժակակիր

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Աթալանթան, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Երկու կազմերը հանդերձարան ուղղուեցան` նշանակելով մէկական կոլ: Սակայն մրցումին 73-րդ վայրկեանին, Ֆետերիքօ Քիեսա նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, իր կազմին` Եուվենթուսին ապահովելով մրցաշարքին տիտղոսը: Այսպիսով, Եուվենթուս իր պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր:  

Փարիզ Սեն Ժերմեն 14-րդ Անգամ Ըլլալով Ֆրանսայի Բաժակակիր

Փարիզ Սեն Ժերմեն 14-րդ Անգամ Ըլլալով Ֆրանսայի Բաժակակիր

«Սթատ Տը Ֆրանս»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, ՓարիզՍեն Ժերմեն, որ մրցեցաւ Մոնաքոյի դէմ` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Յաղթական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Մաուրօ Իքարտի (19-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (81-րդ): Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմը իր պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին բաժակը:  

Page 505 of 1279 1 … 504 505 506 … 1,279

Արխիւներ