Մարզական

«Եւրօ-2020».  Իպրահիմովիչ  Պիտի Բացակայի Մրցաշարքէն

«Եւրօ-2020». Իպրահիմովիչ Պիտի Բացակայի Մրցաշարքէն

Իտալական Ա. Ս. Միլանի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսէն 11 յուլիս: 39 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծունկի վնասուածք ստացաւ նախորդ 9 մայիսին Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումին («Քալչիօ»), ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի շուրջ 6 շաբաթ: Իտալիոյ ֆութպոլի...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Դուրս Մնաց Ախոյեանութեան Համար  Մղուող Պայքարէն

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Դուրս Մնաց Ախոյեանութեան Համար Մղուող Պայքարէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, այժմ տիտղոսին համար պայքարը պիտի ընթանայ միայն մատրիտեան երկու կազմերուն` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ` նկատի ունենալով, որ Պարսելոնա դուրս մնաց ախոյեանութեան համար մղուող պայքարէն` 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք իր հիւրէն` Սելթա Վիկոյէն: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Պարսելոնա այժմ 76 կէտով կը գրաւէ...

19 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք. Սփորթինկ Լիզպոն Հանդիսացաւ  Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեան

19 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք. Սփորթինկ Լիզպոն Հանդիսացաւ Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեան

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ Լիզպոն, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Պոաւիսթային, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 82 կէտ: Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, անիկա այսպիսով անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցին` Փորթոյի համար, որ ունի 74 կէտ: Այսպիսով, 19 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Սփորթինկ Լիզպոն տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին: Անիկա 19-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ...

2022-ի Մոնտիալ.  Հիւսիսային Քորէա Հրաժարեցաւ Զտումի  Մրցումները Շարունակել

2022-ի Մոնտիալ. Հիւսիսային Քորէա Հրաժարեցաւ Զտումի Մրցումները Շարունակել

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէա հրաժարեցաւ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր մրցումները շարունակել: Թէեւ անոր այդ քայլին դիմելու պատճառը չյայտարարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ անոր գլխաւոր պատճառը ըլլայ «Քորոնա»-ի համավարանկը: Հիւսիսային Քորէա, որ ցարդ կատարած է զտումի հինգ մրցում, կը գրաւէ Ը. խմբակին 5-րդ դիրքը: Նշենք, որ վերջերս անիկա հրաժարած էր մասնակցիլ նաեւ Թոքիոյի ամառնային...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Յստակացան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի  Ֆութպոլի Մրցաշարքերուն Իրաւարարները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Յստակացան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքերուն Իրաւարարները

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ եւրոպական երկու կարեւորագոյն մրցաշարքերու, աւարտականի մրցումներուն իրաւարարները յստակացան: «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ սպանացի Անթոնիօ Միկել Մաթէու Լահոս: 29 մայիսին իրարու դէմ պիտի մրցին անգլիական երկու կազմեր` Մանչեսթըր Սիթի եւ Չելսի: Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին, անոր կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Պորուսիա Տորթմունտ Տիտղոսակիր`  5-րդ Անգամ Ըլլալով

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պորուսիա Տորթմունտ Տիտղոսակիր` 5-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պորուսիա Տորթմունտ եւ Լայփցիկ: Այս մրցումը աւարտեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով: Անիկա այսպիսով իր պատմութեան մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Տորթմունտ վերջին անգամ տիտղոսին տիրացած էր 2016-2017 տարեշրջանին: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին անգլիացի միջնապահ Ճէյտըն Սանչօ (5-րդ եւ 45+1-րդ) եւ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզական Առցանց Ա. Համագումարը 22 Յուլիսը Հռչակեց «Հայ Մարզիկի Օր»

Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզական Առցանց Ա. Համագումարը 22 Յուլիսը Հռչակեց «Հայ Մարզիկի Օր»

Շաբաթ, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, իր աշխատանքները շարունակեց շաբաթ մը առաջ ընթացք առած համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 22 շրջաններու մարզական պատասխանատուներու, Թեհրանի ՀՄԱԿ եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչներու: Համագումարի առաջին երկու նիստերուն միութեան մարզական ընդհանուր իրավիճակը քննելէ ետք, երրորդ եւ չորրորդ նիստերուն մասնակիցները օրակարգի վրայ ունեցան հրատապ կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցեր. ՀՄԸՄ-ի մարզական առաքելութիւնը այսօր, 2021-ի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Արարատ-Երեւան Տիտղոսակիր` 13 Տարի Ետք

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արարատ-Երեւան Տիտղոսակիր` 13 Տարի Ետք

13 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Արարատ-Երեւան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին Վարդան Բիչախչեանի գլխաւորած կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ալաշկերտի դէմ: Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին իրաւարարները եղան ֆրանսացիներ: Արարատէն տուպլէ մը իրագործեց փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Մորի Քոնէ, մինչ Աղուան Պապիկեան նշանակեց երրորդ կոլը: Ալաշկերտի ուշացած կոլը նշանակեց Միհրան...

Թուրքիա Զրկուեցաւ Նաեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի  Կրան Փրին Հիւրընկալելէ

Թուրքիա Զրկուեցաւ Նաեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի Կրան Փրին Հիւրընկալելէ

Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին («ՖԻԱ») մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Թուրքիա զրկուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրիներէն մէկը հիւրընկալելու իրաւունքէն: Ասիկա հետեւանք է Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա»  ժահրով վարակուածներու թիւի մեծ աճին եւ այդ պատճառով երկիրը Անգլիոյ կառավարութեան «կարմիր ցանկ»-ին վրայ յայտնուելուն: Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք այդ կրան փրին տեղափոխուեցաւ Աւստրիա: Այսպիսով, Աւստրիա պիտի հիւրընկալէ երկու կրան փրի: Առաջինը`...

Կռփամարտ.  Հայաստան Հանդիսացաւ Երրորդ`  Խարքովի Մրցաշարքին

Կռփամարտ. Հայաստան Հանդիսացաւ Երրորդ` Խարքովի Մրցաշարքին

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը ուքրանական Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին գրաւեց երրորդ դիրքը: Նշուեցաւ, որ բաւական յաջող ելոյթներ ունեցած են Դաւիթ Սաֆարեան (46 քկ), Արման Միսքարեան, Նարեկ Ներսիսեան (57 քկ) եւ Սուրէն Առաքելեան (70 քկ): Անոնք իրենց կատարած 4 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրեցին 3-ական յաղթանակ:  

Իտալական Ֆութպոլ.  Մխիթարեան Կոլի Հեղինակ` Յաջորդաբար  Երրորդ Մրցումն Ըլլալով

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Կոլի Հեղինակ` Յաջորդաբար Երրորդ Մրցումն Ըլլալով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, հռոմեան տերպիի մրցումին յաղթականը եղաւ Ա. Էս. Ռոմա, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լացիօ Ռոմային դէմ: Մրցումին 42-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը: Այսպիսով հայրենի ֆութպոլիստը կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով: Նախորդ երկու մրցումներուն ան կոլ նշանակած էր Քրոթոնէի...

Մարիօ Քեմփես` Հայաստանի Մէջ

Մարիօ Քեմփես` Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաւէրով, եռօրեայ այցելութեամբ մը Հայաստան կը գտնուի արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ, 1978-ի Մոնտիալի ախոյեան եւ լաւագոյն ռմբաձիգ Մարիօ Քեմփես: Երէկ` կիրակի, 16 մայիսին, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Մելիքբէկեան-Քեմփես հանդիպումը: Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ մանկապատանեկան ֆութպոլի զարգացման հեռանկարները, համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ ֆութպոլին վերաբերող այլ հարցեր:    

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց  Իր Հիւրին` Մթայլեպին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Իր Հիւրին` Մթայլեպին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 մայիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Մթայլեպ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ 76-59 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին (8-12, 33-23, 57-35 եւ 76-59): Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց 4-րդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին): 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Անսար Տուպլէ Մը Իրագործեց

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Տուպլէ Մը Իրագործեց

Երէկ յետմիջօրէին Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Լիբանանի նորընծայ ախոյեան Անսար եւ Նըժմէ: Անսար յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել, երբ փենալթիներով (3-1) յաղթեց իր մրցակիցին: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Անսարի կոլը նշանակեց Նըժմէի նախկին մարզիկ Նատեր Մաթար (23-րդ), մինչ մրցումին 83-րդ վայրկեանին Նըժմէ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս Պարտուեցաւ Պիպլոսէն,  Շանվիլ Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Պարտուեցաւ Պիպլոսէն, Շանվիլ Յաղթեց Աթլասին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Ժիպէյլի մէջ գտնուող Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ, Պիպլոս անակնկալի բերաւ իր հիւրը` Հուփսը` անոր դէմ արձանագրելով 72-69 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Եուսեֆ Ղանթուս (22 կէտ): Իսկ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 92-65 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական...

Վարազդատ Հարոյեան Կրնայ Տեղափոխուիլ  Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Վարազդատ Հարոյեան Կրնայ Տեղափոխուիլ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Ըստ ղազախական մամուլին, հայրենի ֆութպոլիստը կրնայ միանալ սպանական Քատիսի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն: Վերոնշեալ ակումբէն բացի, այլ ակումբներ ալ հետաքրքրուած են Հարոյեանով: Նշենք, որ նախորդ ձմրան ան ղազախական Ասթանայէն հեռանալով միացաւ ռուսական Թոպոլ Քոսթանային: Ան իր...

Բալեկեան Եւ Իր Ընտանիքի Անդամները  Հիւրընկալուեցան Դեսպան  Յովհաննէս Վիրաբեանի Կողմէ

Բալեկեան Եւ Իր Ընտանիքի Անդամները Հիւրընկալուեցան Դեսպան Յովհաննէս Վիրաբեանի Կողմէ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ արժանթինեան Հուրաքան ակումբի ֆութպոլիստ` Նորպերթօ-Պրիասքօ Բալեկեան եւ իր ընտանիքին անդամները, Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) հիւրընկալուեցան Արժանթինի, Չիլիի, Փերուի եւ Փարակուէյի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Վիրաբեանի կողմէ: Դեսպան Վիրաբեան շնորհաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած երեք յաղթանակները` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ հաւաքականին մաղթեց նորանոր նուաճումներ: Նշենք, որ մարտ 2018-ին, Բալեկեան ստացաւ...

Ռոնալտ Քէօման Շատ Հաւանաբար  Կորսնցնէ Իր Պաշտօնը

Ռոնալտ Քէօման Շատ Հաւանաբար Կորսնցնէ Իր Պաշտօնը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ պաշտօնանկ ընել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանը: Կը կարծուի, որ ան պիտի չմնայ իր պաշտօնին վրայ, նոյնիսկ եթէ ան իր կազմին հետ հանդիսանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան: Պարսելոնա կը կարծէ, որ Քուման չի համապատասխաներ ակումբին երկարատեւ ծրագիրներուն: Նետերլանտցի մարզիչը իր պաշտօնը ստանձնեց օգոստոս 2020-ին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ Թրիփոլի-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 97-73

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Թրիփոլի-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 97-73

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 11 մայիսին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւսիսի մէջ հիւրը եղաւ Մութթահետ Թրիփոլիին: Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Մութթահետի յաղթանակով, 97-73 արդիւնքով (26-20, 51-26, 79-51 եւ 97-73): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Քարլ Զալլում (28 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Ժատայել նշանակեց 21 կէտ: Իսկ...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Խումբերը  Կը Մասնակցին Անկախ Պետութիւններու  Հասարակապետութեան Երկիրներու  Երիտասարդական Խաղերուն

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Խումբերը Կը Մասնակցին Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Երկիրներու Երիտասարդական Խաղերուն

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 4-10 սեպտեմբեր 2021-ին, ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական խաղերու 3x3 պասքեթպոլի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդական հաւաքականները: Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական խաղերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ 15 այլ մարզաձեւեր, որոնց կարգին` պետմինթըն, կռփամարտ, ժիւտօ, քարաթէ, փինկ փոնկ,...

Page 507 of 1279 1 … 506 507 508 … 1,279

Արխիւներ