Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Միհրան Յարութիւնեան, երէկ յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Ուրարտու Երեւանի ֆութպոլի ակումբ եւ ներկայ գտնուեցաւ ֆութպոլիստներուն կատարած փորձերուն:
Ակումբին ղեկավարութեան կողմէ անոր յանձնուեցաւ յատուկ անուանական մարզաշապիկ մը:
Այս հանդիպումին ընթացքին Յարութիւնեան ակումբին ֆութպոլիստներուն մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով:



