Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց գերմանացի միջնապահ Ժուլիըն Տրեքսլըրի հետ:
27 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Տրեքսլըր, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ հանդէս կու գայ 2017-էն ի վեր, մինչեւ յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 34 մրցում, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ: