Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի հաւաքականը սկսաւ իր ուսումնամարզական վերջին հաւաքին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքէն առաջ:
Օլիմփիաւանի մէջ երկու շաբթուան այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ մարզիչներ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Կարէն Ղազարեանի եւ Սամուէլ Սողոմոնեանի գլխաւորութեամբ:
Հաւաքին կը մասնակցին 21 մարզիկներ, որոնցմէ եօթն` Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63 քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), Գոռ Ներսիսեան (81 քկ), Նարեկ Մանասեան (91 քկ), Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռ) եւ Անի Յովսէփեան (69 քկ) կը մասնակցին այս վարկանշային մրցաշարքին:
Նշենք, որ վերոնշեալ մարզիկներէն միայն Կորիւն Սողոմոնեան ցարդ ապահոված է ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
Սակայն ան յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու նպատակով պիտի մեկնի Փարիզ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը մրցասպարէզ պիտի մեկնի 1 յունիսին: