Իտալական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Նշուեցաւ, որ 56 տարեկան իտալացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026:
Այսպիսով, ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2026-ի Մոնտիալին աւարտը, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
Նշենք, որ ան իր պաշտօնը ստանձնեց մայիս 2018-ին: