1978-ին իր երկրին` Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Մարիօ Քեմփես երէկ այցելեց Ուրարտու Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիան:
Ան շրջագայեցաւ անոր տարբեր բաժանմունքները, ծանօթացաւ ակադեմիայի ղեկավարութեան հետ եւ ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց հոն մարզուող պատանի ֆութպոլիստներուն:
«Նման փոքր պետութեան մը համար Ուրարտուն իսկապէս լաւ պայմաններ ունի: Ինծի յայտնեցին, որ այստեղ կը մարզուին շուրջ 900 պատանիներ, որոնց կարգին` նաեւ աղջիկներ:
«Եթէ կան այսպիսի պայմաններ, ուշ կամ կանուխ հայկական ֆութպոլը առաջընթաց պիտի արձանագրէ», Մարիօ Քեմփեսի խօսքերը մէջբերեց Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ արժանթինցին եռօրեայ այցելութեամբ մը Հայաստան կը գտնուի` յատուկ հրաւէրովը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի:



