Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 42-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար-2, որ հիւրընկալեց Վոլկարը, արձանագրեց նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց 20 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան:
Հայազգի ֆութպոլիստը, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 5-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Սպերցեան, որ ցարդ նշանակած է 16 կոլ, ռմբաձիգներու դասաւորման մէջ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ:
Հայկական մարզական մամուլը երէկ նշեց, որ Սպերցեան երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միանալու հրաւէր ստացաւ:
Հայրենի կազմը 28 մայիսէն 5 յունիս պիտի կատարէ յատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում` յաջորդաբար Խրուաթիոյ (1 յունիս) եւ Շուէտի (5 յունիս) դէմ: