Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Հուփսի յաղթանակով, 68-63 արդիւնքով (11-13, 34-35, 50-46 եւ 68-63):
Ինչպէս նկատելի է, մրցումին անկիւնադարձային քորթըրը եղաւ երրորդը, ուր հիւրընկալ կազմը ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը, եւ մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ իրեն` 5 կէտի տարբերութեամբ մը:


