Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Հռոմի «Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչին:
2 ժամ 49 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, սպանացին յաղթեց 7-5, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ անոնց երկուքին միջեւ այս ճակատումը եղաւ 57-րդը, իսկ 6-րդ աւարտականի մրցումը` հռոմեան մրցաշարքին ընթացքին:
Հռոմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային այս մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր 2,5 միլիոն եւրօ: