Ֆրանսական Լիոն քաղաքին մէջ սկսած թենիսի «Էյ. Թի. Փի.-250»-ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամեն Պոնզին:
2 ժամ եւ 21 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, հայազգի մարզիկը արձանագրեց 6-1, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լեհաստանի ներկայացուցիչ Քամիլ Մաժշըրզաք:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 500 հազար եւրօ: