Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող գերմանացի միջազգային յառաջապահ Թոնի Քրուս վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով:
Նշուեցաւ, որ նախորդ 14 մայիսին ան ինքնամեկուսացուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ շփում ունեցած է այդ ժահրով վարակուած անձի մը հետ:
Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր կազմին կատարելիք տարեշրջանի վերջին մրցումին:
Շաբաթ, 22 մայիսին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին, անոր կազմը պիտի մրցի Վիարէալի դէմ:
Նշենք, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին հետ բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ 42 մրցումի, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ:
Վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Ռէալ Մատրիտ այժմ 79 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` երկու կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտէն: