Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արարատեան տերպիին Արարատ-Արմենիա, որ հիւրընկալեց Արարատը, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ալեքսանտր Կարապետեան` 75-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Արարատ-Արմենիա (22 մրցում) 38 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը գերազանցելով Արարատը (21 մրցում):
Չարենցաւանի մէջ, Վան, որ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ալաշկերտ (21 մրցում) այժմ 37 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, իսկ Վան (23 մրցում) 28 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Նոա (23 մրցում), որուն կէտերը մնացին 41` նկատի ունենալով, որ անիկա նուազագոյն հաշուով պարտուեցաւ Ուրարտուէն: Վերջինս (22 մրցում) 35 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: