Աշխարհի ֆութպոլի գործող ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Տիտիէ Տեշան կը մտածէ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեման ազգային խումբ վերադարձնելու մասին:
«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներէն առաջ, ֆրանսացի մասնագէտը ամէն գնով կ՛ուզէ զօրացնել իր յարձակողական գիծը, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական հռչակաւոր մարզական օրաթերթը` «Լ՛Էքիփ»-ը:
Վերջերս, 33 տարեկան Պենզեմա ճանչցուեցաւ իբրեւ արտասահմանի մէջ հանդէս եկող տարուան լաւագոյն ֆրանսացի ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Քարիմ Պենզեմա 2015-ին հեռացուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբէն իր խմբակիցին` Մեթիու Վալպուենայի հասցէին անարգական եւ վարկաբեկիչ խօսքեր ըսած ըլլալուն պատճառով: