Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի երկու անդամներ, երէկ հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիրներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Արդարեւ, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան (23 տարեկանէն վար) 61 քկ դասակարգին մէջ, Ռազմիկ Պապիկեան աւարտականին 6-1 արդիւնքով պարտուեցաւ իր վրացի մրցակիցէն:
Իր կարգին, Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն պարտուեցաւ իր ռուս մրցակիցէն` 4-0 արդիւնքով: