Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիսին ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը վերջ գտաւ ժիպէյլեան կազմին յաղթանակով` 72-63 արդիւնքով (17-19, 31-28, 45-55 եւ 63-72):
Հիւր կազմը երրորդ քորթըրին է, որ յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել ՀՄԸՄ-ի վրայ` ունենալով տասը կէտի առաւելութիւն մը:
Մրցումին իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:



