«Չեմփիընզ Լիկ». Չելսի Տիրացաւ Տիտղոսին` Ֆութպոլի Իր Պատմութեան Մէջ Երկրորդ Անգամ Ըլլալով
Փորթուգալեան Փորթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին, որ եղաւ զուտ անգլիական, լոնտոնեան Չելսին, ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, երբ նուազագոյն հաշուով յաղթեց Մանչեսթըր Սիթիին: Մրցումին 42-րդ վայրկեանին գերմանացի Քայ Հավերց նշանակեց Չելսիի եւ մրցումին միակ կոլը: Այսպիսով, 21 տարեկան ֆութպոլիստը այս մրցաշարքին գծով նշանակեց իր առաջին կոլը: Չելսի առաջին անգամ այս...




















