Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յառաջիկայ շաբաթ, պիտի հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պիտի նշէ իր հիմնական խումբին նոր գլխաւոր մարզիչին անունը:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսացի Զինետտին Զիտանը պիտի փոխարինուի, Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչ, իտալացի Մասիմիլիանօ Ալլեկրիով:
Այս տարեշրջանին արքայական ակումբը Զիտանի հետ ոչ մէկ տիտղոսի տիրացաւ, ինչ որ Ռէալի ղեկավարութիւնը մղեց մարզիչի փոփոխութիւն կատարելու: