Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») աւարտէն ետք, յստակացան Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի իրարու դէմ մրցող կազմերը:
Քաթալոնական Պարսելոնան իր դէմ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտը, իսկ երկրին նորընծայ ախոյեանը` Աթլեթիքօ Մատրիտ` Աթլեթիք Պիլպաոն, այս մասին յայտնեց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ օրէնքի, երկրին ախոյեանը կը մրցի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մասնակիցին դէմ, իսկ բաժակակիրը` ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը գրաւած կազմին դէմ:
Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յունուար 2022-ին: