Երէկ` չորեքշաբթի, 26 մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի կողմէ իր կազմին հրապարակումէն ետք շրջան ընող տարաձայնութիւնները, որոնք սկսած են վերածուիլ քաղաքական շահարկումներու:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը երբեք միջամուխ չ՛ըլլար մարզիչին տուած որոշումներուն, եւ ան ինք կ՛ըլլայ որոշողը, թէ ո՛ր մարզիկը մաս պիտի կազմէ հաւաքականին:
24 մայիսին Քափարոս, որ հրապարակեց իր կազմը, յառաջիկայ ամսուան սկիզբը տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներուն համար, նկատի չառաւ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Ան քննադատուեցաւ Մխիթարեանը իր կազմէն դուրս ձգելուն համար:
«Խուան Քափարոսի գլխաւոր մարզիչ նշանակումէն ետք, դարձեալ փորձ կը կատարուի խանգարելու հաւաքականին մէջ տիրող հիանալի մթնոլորտը: Անգամ մը եւս կու գանք նշելու բոլորին, որ հեռու մնան քաղաքական հաշիւներէ», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ: