Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացած Հանս Տիեթըր-Ֆլիք պիտի գլխաւորէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
56 տարեկան գերմանացի մասնագէտը իր նոր պաշտօնին պիտի սկսի «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտէն անմիջապէս ետք: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառ:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գերմանիա պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մրցակիցներէն մէկը: