Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 104-67
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 104-67 արդիւնքով (33-14, 60-26, 82-48 եւ 104-67): Յաղթական կազմէն Նետիմ Սուէյտ նշանակեց 23 կէտ, իսկ անոր խմբակից Մարք Խուէյրի` 21 կէտ: Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օմար Պապա (15 կէտ):...




















