Նախորդ 21 մայիսին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի 71-րդ համագումարը, բնականաբար առցանց դրութեամբ:
«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ այս համագումարին ընթացքին քննարկուած է Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելու հարցը:
Նշուեցաւ, որ առաջարկը ներկայացուցած է Սէուտական Արաբիան:
Այս առաջարկը ստացած է 166 ֆետերասիոններու զօրակցութիւնը, մինչ 22 ֆետերասիոններ անոր դէմ քուէարկած են:
Ինչպէս բոլորն ալ ծանօթ են, Մոնտիալը տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը:
2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, իսկ 2026-ի Մոնտիալին հիւրընկալ երկիրներն են Մեքսիքա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ: