Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2020-2021 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Տասը տարուան սպասումէ մը ետք, Լիլ դարձեալ յաջողեցաւ բարձրացնել ախոյեանութեան տիտղոսը, երբ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Անժէի դաշտէն, ունեցաւ 83 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Լիլ ունեցաւ կէտի մը առաւելութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պրեսթի դաշտէն, ունեցաւ 82 կէտ:
Այսպիսով, Լիլ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան:
Նիմ եւ Տիժոն փոխադրուեցան Բ. դասակարգ, մինչ Նանթ պիտի մասնակցի փլէյ օֆի մրցումներուն: