Ռէալ Մատրիտի, Եուվենթուսի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Սեմի Խետիրա պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
34 տարեկան ֆութպոլիստը այժմ մաս կը կազմէ Հերթա Պերլինին:
Ան այս շաբաթավերջին իր ակումբին հետ պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը` Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տարբեր ակումբներու հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու: