Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 26 մայիսին, Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 83-62 արդիւնքով յաղթանակ մը (32-20, 45-26, 63-43 եւ 83-62):
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (21 կէտ), մինչ անոր խմբակից, խմբապետ Ժան Ապտել Նուր տապըլ տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Իսկ Աթլասէն Մարք Ապի Խըրըս նշանակեց 20 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Ռապպահ Նըժէյմ եւ Զիատ Թաննուս: