Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես վերսկսաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին ֆութպոլիստը անձամբ յայտնեց:
«Ես կեանքը կը վայելեմ` որոշ չափով մըն ալ ֆութպոլ խաղալով: Այդ իսկ պատճառով որոշեցի դարձեալ վերադառնալ ֆութպոլի աշխարհ: Մօտիկ ապագային կը յայտնեմ, թէ ո՛ր խումբին մաս պիտի կազմեմ», ըսաւ Ֆերնանտօ Թորես, որ 2019-ին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշենք, որ Թորես մաս կազմած է Սպանիոյ գրեթէ բոլոր տարիքային ազգային խումբերուն:
Ան մաս կազմած է նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, Լիվըրփուլի, Չելսիի եւ Ա. Սէ. Միլանի: