Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 76-51 արդիւնքով (16-21, 28-35,
38-56 եւ 51-76):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիատի Պէյրութ հանդիսացաւ երթի ախոյեան:
Նշենք, որ շաբաթ, 29 մայիսին, կը սկսին դարձի մրցումները` Ռիատի Պէյրութ-1875 բացման մրցումով:
Դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կիրակի, 30 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Պէյրութի: