«Սփորթց Մանիա-Տուպայ»-ի կազմակերպած պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ կատարուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեան տակ, աւարտեցաւ Պէյրութի կազմին յաղթանակով, որ աւարտականի մրցումին 83-80 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով եւ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Տուպայի մէջ բնակող լիբանանցիները: Անոնց խումբերուն անունները եղան լիբանանեան անուններ:
Աւարտականի այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ տեղացի պասքեթպոլի պատասխանատուներուն ձեռամբ: