Իտալական Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իտալացի Կենարօ Կաթուզօ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ:
Նափոլիի նախկին գլխաւոր մարզիչը փոխարինեց Ճիուզեփփէ Եաքինին, որ այս տարուան մարտին նշանակուեցաւ խումբին մարզիչ: Անոր հետ Ֆիորենթինա Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան գրաւեց 13-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Կաթուզօ Նափոլիի մարզիչ նշանակուեցաւ դեկտեմբեր 2019-ին: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսացաւ 5-րդ: