Եւրոպայի մարմնամարզութեան նորընծայ ախոյեան Արթուր Դաւթեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ ելոյթներուն պատճառով տիրացաւ երեք արծաթ մետալներու:
28 տարեկան մարզիկը, երկրորդ հանդիսացաւ նժոյգի, յենացատկի եւ օղակներու մրցումներուն, այս գծով յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իր կարգին, արծաթէ մետալակիր դարձաւ Համլեթ Մանուկեան` երիտասարդներու մրցումներուն:
Խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ Արթուր Դաւթեան մարմնամարզութեան մրցումներուն պիտի ըլլայ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն: