Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Շանվիլի յաղթանակով, 116-60 արդիւնքով (27-11, 48-17, 78-35 եւ 116-60):
Շանվիլէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ խմբապետ Էլի Ռըսթոմ (22 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Ժոզեֆ Շարթունի նշանակեց 30 կէտ:
Իսկ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օմար Պապա (20 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապիհ Մասրի, Քլոտ Ապի Ժըպրայել եւ Ճենիֆըր Ամմուրի: