Մարզական

Իտալական Ֆութպոլ.  Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի  2021-2022 Տարեշրջանի Առաջին Կոլը

Իտալական Ֆութպոլ. Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի 2021-2022 Տարեշրջանի Առաջին Կոլը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա հիւրընկալեց Ֆիորենթինան: Այս մրցումը վերջ գտաւ հռոմեան կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին` Ա. Էս. Ռոմայի 2021-2022 տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 26-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Մխիթարեանի նշանակած այս կոլը «ՎԱՐ» համակարգին կողմէ վերատեսութեան ենթարկուելէ ետք «մաքուր» կոլ մը...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականին Մրցակիցները` Ուքրանիա,  Պուլկարիա Եւ Պիելոռուսիա

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Մրցակիցները` Ուքրանիա, Պուլկարիա Եւ Պիելոռուսիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախանցեալ օր Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այսօր` երեքշաբթի, 24 օգոստոսին, հայրենի կազմը պիտի մեկնի Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ, ուր 25-31 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Վ. Պաննիքովի անուան միջազգային մրցաշարքին: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ուքրանիա, Պուլկարիա եւ Պիելոռուսիա: Նշենք, որ Հայաստանի...

«Լա Լիկա».  Ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի  Երկրորդ Յաղթանակը

«Լա Լիկա». Ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի Երկրորդ Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ կատարեց այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Էլչէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի յառաջապահ Անխել Քորէա, 39-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը տարեշրջանի բացման մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Սելթա Վիկոյին: Սակայն մատրիտեան...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Միշել  Տէր Զաքարեանի Խումբին

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Միշել Տէր Զաքարեանի Խումբին

Նիս-Մարսէյ Մրցումը Ընդհատուեցաւ Անկարգութիւններու Պատճառով Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Պրեսթի, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն կոլի հեղինակ դարձան Քիլիան Էմպափէ եւ Անխել Տի Մարիա: Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ: Պրեսթ ունի 2 կէտ: Նշենք, որ Պրեսթի մարզիչն է հայազգի մասնագէտ...

Պայէրն Միւնիխ Գերազանցեց  Ռէալ Մատրիտի Հաստատած Մրցանիշը

Պայէրն Միւնիխ Գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի Հաստատած Մրցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, Քէօլնի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (3-2), Պայէրն Միւնիխ գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի մրցանիշը Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններուն գծով: Միւնիխեան խումբը բոլոր մրցաշարքերուն գծով յաջորդաբար 74-րդ մրցումն ըլլալով յաջողեցաւ կոլ նշանակել: 2016-2017 ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած մրցաշարքերուն ընթացքին արքայական ակումբը այդ իրագործումը արձանագրած էր յաջորդաբար 73 մրցումի ընթացքին` նշանակելով 200 կոլ: Պայէրն...

Մաուրօ Իքարտի Մէկ Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Մաուրօ Իքարտի Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտի, որ վնասուածք ունի, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Պրեսթի դէմ կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Զուիցերիացի Շաքիրի Լիվըրփուլէն  Տեղափոխուեցաւ Լիոն

Զուիցերիացի Շաքիրի Լիվըրփուլէն Տեղափոխուեցաւ Լիոն

Ֆրանսական Լիոն ֆութպոլի խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ակումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել զուիցերիացի միջնապահ Էքսհերտան Շաքիրիի ստորագրութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024: 29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէր Լիվըրփուլին, նախապէս ելոյթ ունեցած է նաեւ` Սթոք Սիթիի, Ինթեր Միլանի, Պայէրն Միւնիխի եւ Պալի հետ: Նշենք, որ Շաքիրիի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 12...

Լիվըրփուլ Չ՛ուզեր Սալահի Միացումը  Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Լիվըրփուլ Չ՛ուզեր Սալահի Միացումը Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ չի կրնար միանալ իր երկրին ազգային խումբին` մասնակցելու համար շուտով տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին: Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ անգլիական ակումբը չ՛ուզեր եւ արտօնութիւն չի տար, որ Սալահ միանայ ազգային խումբի իր խմբակիցներուն: Պատճառը այն է, որ թոյլտուութիւն ստանալու պարագային, Սալահ «Քորոնա» ժահրի սահմանափակումներուն պատճառով իր...

Թենիս.  Զվերեւ Տիրացաւ Սինսինաթիի  Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

Թենիս. Զվերեւ Տիրացաւ Սինսինաթիի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

2020-ի ողիմպիականի ախոյեան, ռուսաբնակ գերմանացի թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Սինսինաթիի (Միացեալ Նահանգներ) թենիսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտականին 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Անտրէյ Ռուպլեւի դէմ: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 59 վայրկեան: Նշենք, որ այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը 4,8 միլիոն ամերիկեան տոլար էր: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, տիտղոսակիր հանդիսացաւ աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային  Խումբը Մեկնեցաւ Տուպայ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Տուպայ

Երէկ` կիրակի, 22 օգոստոսին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` պատրաստուելու համար 2 սեպտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Այս մրցումը կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նախքան այս մրցումը կատարելը, Լիբանան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ֆուճէյրայի դէմ, ուրբաթ, 27 օգոստոսին: Նշենք, որ Լիբանանի խումբին գլխաւոր մարզիչն է չեխ Իվան Հաչեք:

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթիի Առաջին  Յաղթանակը` Նորուիչի Դէմ (5-0)

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Առաջին Յաղթանակը` Նորուիչի Դէմ (5-0)

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նորուիչը: Նշենք, որ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Սիթի, տարեշրջանի բացման մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Թոթենհամէն: Ռահիմ Սթերլինկ նշանակեց Մանչեսթըրի կոլերէն մէկը (71-րդ): Լիվըրփուլ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով...

Կռփամարտ.  Հայաստան Տիրացաւ 2 Ոսկի,  3 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալի

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 2 Ոսկի, 3 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալի

Պոսնիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի կրտսեր տարիքի պատանիներու կռփամարտի ախոյեանութեան Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ 2 ոսկի, 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի: Մարզիչներ Արթուր Մելքումեանի, Արմէն Բաղդասարեանի եւ Յովհաննէս Շարբաթեանի գլխաւորութեամբ Պոսնիա մեկնած հայրենի 17 մարզիկներէն 10-ը դարձան մետալակիր: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահովեցին Շիրակի մարզը ներկայացնող Սպարտակ Նահապետեան (50 քկ) եւ Սեւան մարզական միութեան...

Ըմբշամարտ.  Հայաստան Տիրացաւ  Յաւելեալ Երեք Մետալի

Ըմբշամարտ. Հայաստան Տիրացաւ Յաւելեալ Երեք Մետալի

Ուֆայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստան տիրացաւ յաւելեալ երեք մետալի: 82 քկ դասակարգին մէջ Կարէն Խաչատրեան, իսկ 67 քկ դասակարգին մէջ Սահակ Յովհաննիսեան տիրացան արծաթ մետալի: Իսկ 72 քկ դասակարգին մէջ Շանթ Խաչատրեան, որ յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Հասանլիին, տիրացաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալի: Նշենք, որ Հայաստանի առաջին երկու մետալներուն...

«Պունտըսլիկա».  Պորուսիա Տորթմունտի  Անակնկալ Պարտութիւնը

«Պունտըսլիկա». Պորուսիա Տորթմունտի Անակնկալ Պարտութիւնը

Գերմանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան հանդիսացած Պորուսիա Տորթմունտ, «Պունտըսլիկա»-ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն կրեց անակնկալ պարտութիւն մը, Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով: Պորուսիա Տորթմունտ տարեշրջանին սկսած էր յաղթանակով: Իսկ երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ շաբաթ մը առաջ նոր տարեշրջանին սկսած էր հաւասարութեամբ մը, երէկ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` Քէօլնի դէմ, 3-2 արդիւնքով: Ռոպերթ Լեւանտովսքի (50-րդ) եւ Սերժ Կնապրի (58-րդ եւ 71-րդ)...

Պայէրն Միւնիխի Մարզիչը  Նոր Օրէնք Մը Սկսաւ Կիրարկել

Պայէրն Միւնիխի Մարզիչը Նոր Օրէնք Մը Սկսաւ Կիրարկել

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի նոր գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսման նոր օրէնք մը սկսաւ կիրարկել ակումբին մէջ: Այսուհետեւ ֆութպոլիստներուն թոյլատրուեցաւ Պայէրնի իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումին նախորդող գիշերը անցընել իրենց տան մէջ, իրենց ընտանիքին հետ եւ յաջորդող օրը միայն միանալ իրենց խմբակիցներուն, ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ: Նշուեցաւ, որ Նակելսման, մարզիչ իր նշանակումին առաջին օրն իսկ սկսած է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ակումբին...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց  Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտի կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի հետ: 33 տարեկան Պենզեմայի նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 30 յունիս 2022: Իսկ նոր պայմանագիրով ան իր կազմին հետ պիտի մնայ մինչեւ 30 յունիս 2023: Պենզեմա արքայական ակումբին հետ հանդէս կու գայ 2009-էն ի վեր: Նախքան ատիկա, ան մաս կը...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին  Բերդապահը Միացաւ Արսենալի

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Բերդապահը Միացաւ Արսենալի

Շեֆիլտ Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Աարոն Ռեմստէյլ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արսենալի հետ: Լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Նշուեցաւ, որ Արսենալի հետ ան պիտի կրէ թիւ 32 մարզաշապիկը: Ռամստէյլ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ Շեֆիլտ Եունայթըտի հետ, երեք տարի մաս կազմելէ ետք Պուրնմաութին, նախորդ ամառ վերադարձաւ...

Ռէալ Մատրիտ Դադրեցուց  Իր Բանակցութիւնները Էմպափէի Հետ

Ռէալ Մատրիտ Դադրեցուց Իր Բանակցութիւնները Էմպափէի Հետ

Սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց իր բանակցութիւնները դադրեցնել Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի 22 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը Էմպափէի պատճառով չ՛ուզեր իր յարաբերութիւնները վատացնել ֆրանսական ակումբին հետ: Ռէալ Մատրիտ յառաջիկայ ամառ աւելի լաւ առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ Էմպափէին, մանաւանդ որ ան ազատ ֆութպոլիստ մը դառնալով կրնայ...

Ճատրակ.  Էլինա Դանիէլեան Արժանացաւ  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Արժանացաւ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ եկաւ բարձր պահելու Հայաստանի անունը` դառնալով տիտղոսակիր: Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` Էլինա Դանիէլեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի նոր ախոյեան: *** Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոսին, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Նշենք, որ անոր կատարած այս իրագործումը, նկատուեցաւ բաւական կարեւոր`...

Լիբանանեան Ռելի.  «Էյ. Էմ. Թի.» Պիտի Տայ Մամլոյ  Ասուլիս Մը` 29 Օգոստոսին

Լիբանանեան Ռելի. «Էյ. Էմ. Թի.» Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը` 29 Օգոստոսին

1-3 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 43-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Լիբանանեան այս ռելիին իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն «ԷՅ. ԷՄ. ԹԻ.» կիրակի, 29 օգոստոսին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ անոր մասնակցող իր վարորդներուն անունները: Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ խումբին կեդրոնատեղիին մէջ (Պիքֆայա), երեկոյեան ժամը 18:30-ին: Նշենք, որ...

Page 475 of 1280 1 … 474 475 476 … 1,280

Արխիւներ