Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտի, որ վնասուածք ունի, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Պրեսթի դէմ կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: