Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի նոր գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսման նոր օրէնք մը սկսաւ կիրարկել ակումբին մէջ:
Այսուհետեւ ֆութպոլիստներուն թոյլատրուեցաւ Պայէրնի իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումին նախորդող գիշերը անցընել իրենց տան մէջ, իրենց ընտանիքին հետ եւ յաջորդող օրը միայն միանալ իրենց խմբակիցներուն, ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ:
Նշուեցաւ, որ Նակելսման, մարզիչ իր նշանակումին առաջին օրն իսկ սկսած է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ակումբին ֆութպոլիստներուն հետ:
Ան շատ յաճախ անհատական զրոյցներ կ՛ունենայ Պայէրնի ֆութպոլիստներուն հետ: